2017-03-29 10:20:00

Յուսալ հակառակ ամէն յոյսի` Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։


(Հռոմ 4, 16-19a.22) Ուստի ժառանգորդ ըլլալը հաւատքէն է, որ շնորհքով եղած ըլլայ, որպէսզի խոստումը մնայուն ըլլայ ամբողջ զարմին. ո՛չ միայն անոր՝ որ Օրէնքէն է, այլ նաեւ անո՛ր՝ որ Աբրահամի հաւատքէն է: Ան մեր բոլորին հայրն է (Ինչպէս գրուած է. “Քեզ շատ ազգերու հայր ըրի”) Աստուծոյ առջեւ՝ որուն ինք հաւատաց, որ կեանք կու տայ մեռելներուն ու չեղած բաները կը կոչէ եղածներու պէս:

Չյուսացուած բանին՝ յոյսով հաւատաց, թէ ինք շատ ազգերու հայր պիտի ըլլայ (ինչպէս ըսուեցաւ ալ թէ “քու զարմդ այսպէս պիտի ըլլայ”). եւ հաւատքի մէջ չտկարանալով՝ ուշադիր չեղաւ իր մարմինին, որ արդէն մեռածի պէս էր, (որովհետեւ ինք հարիւր տարեկանի չափ էր,) ո՛չ ալ Սառայի արգանդին մեռած ըլլալուն:

Անհաւատութեամբ չտատամսեցաւ Աստուծոյ խոստումին հանդէպ, հապա հաւատքով զօրացած՝ փառք տուաւ Աստուծոյ,  եւ լման համոզուեցաւ թէ ի՛նչ որ ան խոստացաւ՝ կարող է նաեւ իրագործել:

(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 29 Մարտ 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն եւ շարունակելով քրիստոնէական յոյսի մասին իր խորհրդածութիւնները Նորին Սրբութիւնը խօսքը կեդրոնացուց մեր նախահայր Աբրահամի յոյսի ու հաւատքի փորձառութեան վրայ։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ սկիզբ տալով խորհրդածութեան. Սուրբ Պօղոսի Հռովմէացիներուն ուղղած նամակը որ քիչ առաջ ունկնդրեցինք մեզի համար մեծ պարգեւ է։ Առաքեալը մեզի հասկացնել կու տայ թէ Աբրահամ մեզի համար  նախահայր է նաեւ յոյսի մէջ, որովհետեւ անոր ապրած փորձառութեան մէջ մենք կարող ենք ըմբռնել Յարութեան պատգամը` որ է չարին եւ նոյնինքն մահուան վրայ նոր կեանքի յաղթանակը։

Սուրբ Պօղոսի թուղթին մէջ կ՛ըսուի թէ Աբրահամ հաւատաց այն Աստուծոյն  որ կեանք կու տայ մեռելներուն ու չեղած բաները կը կոչէ եղածներու պէս (Հռոմ 4,17), ապա կ՛ընդգծուի թէ Աբրահամ հաւատքի մէջ չտկարացաւ,  ուշադիր չեղաւ իր մարմինին, որ արդէն մեռածի պէս էր, ո՛չ ալ Սառայի արգանդին մեռած ըլլալուն (Հռոմ 4,19):

''Աբրահամին յայտնուած Աստուածը փրկարար Աստուած է, Աստուած մըն է որ մեզ կ՛ազատէ մահուընէ եւ յուսալքումէ, Աստուած մը որ մեզ կեանքի կը կոչէ'', ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը նշելով թէ Յիսուսի մեռելներէն  յարութեամբ, մենք եւս Անոր միջոցաւ կարող ենք անցնիլ մահուընէ դէպի կեանք։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ապա հաւատք եւ յոյս կապին` մէջբերելով Աբրահամի մասին Սուրբ Պօղոսին խօսքերը ''Չյուսացուած բանին՝ յոյսով հաւատաց, թէ ինք շատ ազգերու հայր պիտի ըլլայ’'։

Մեր յոյսը­, ըսաւ նորին Սրբութիւնը, չի հիմնուիր մարդկային կանխատեսումներու, դատողութիւններու ու վհատութեան վրայ, այլ կը յայտնուի այնտեղ ուր այլեւս յոյս չկայ, այնպէս ինչպէս պատահեցաւ Աբրահամին, ի տես իր մօտալուտ մահուան ու իր կնոջ Սառային ամլութեան։

Մեծ Յոյսը արմատաւորուած է հաւատքին մէջ ու ասոր համար ան կարող է ընդանալ որեւէ յոյսէն անդին, որովհետեւ կը հիմնուի ոչ թէ մեր խօսքերուն վրայ ալ Աստուծոյ խօսքին վրայ – ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ ասոր համար կանչուած ենք հետեւելու Աբրահամի  օրինակին որ նոյնիսկ մահուան սահմանուած իրականութեան մը դիմաց  վստահեցաւ Աստուծոյ այն համոզումով թէ ի՛նչ որ Ան խոստացաւ՝ կարող է նաեւ իրագործել (Հռոմ­. 4,21):

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր ըսաւ հուսկ Քահանայապետը խորհրդածութեան աւարտին խնդրենք Տիրոջմէն շնորհքը` հիմնուած մնալու ոչ թէ մեր ապահովութիւններու ու կարողութիւններու վրայ, այլ` որպէս Աբրահամի զաւակներ, այն յոյսին վրայ որ կը բխի Աստուծոյ խոստումէն,  ու այդ ժամանակ մեր կեանքը պիտի ընդունի նոր լոյս մը, այն համոզումով որ Ան որ իր Որդին յարուցեց մեռելներէն յարութիւն պիտի տայ նաեւ մեզի ու մեզ` հաւատքի մէջ մեր եղբայրներուն հետ միասին,  պիտի դարձնէ Մի Անոր հետ։

Նորին Սրբութիւնը ապա աւելցուց եթէ մենք ամէնքս բաց սիրտ ունենանք կը վստահեցնեմ թէ օր մը պիտի հանդիպինք Երկինքի հրապարակին վրայ ցմիշտ.Ահա այս է Աստուծոյ խոստումը։ Այս է նաեւ մեր յոյսը եթէ մենք մեր սրտերը բանանք։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորները յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն  ու նորապսակներուն խրախուսելով երիտասարդները քառասնորդաց շրջանի  ընթացքին վերագտնելու հաւատքի կարեւորութիւնը, հիւանդներուն յորդորելով իրենց ցաւերը միացնել Քրիստոսի Խաչին սիրոյ քաղաքակրթութեան մը կառուցումի դիտաւորութեամբ ու հրաւիրելով նորապսակները իրենց նորաստեղծ ընտանեկան կեանքէն ներս տեղ յատկացնելու Աստուծոյ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.